2015-10-20 11:31:00

Պատրիարք Թուալ` ''Երուսաղէմի բաժանումի պատը կ՛այլափոխէ Սուրբ Երկիրը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Մինչ իսրայէլեան պաշտօնական ճառերը կը կրկնեն որ Երուսաղէմ քաղաքը Սուրբ է, մէկ եւ անբաժան, Իսրայէլի կառավարութիւնը սկսած է բաժանումի նոր պատ մը բարձրացնել իրարմէ բաժնելով հրեայ եւ արաբ բնակիչները։
Այս մասին արտայայտուելով  Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալը հաստատած է թէ ''բաժանումի պատի բարձրացումը արաբ եւ հրեայ թաղամասերու միջեւ մեզ կը տխրեցնէ ու կ՛այլափոխէ Երուսաղէմը իր ս. քաղաքի դիմագիծէն''։

850 հազար բնակչութիւն հաշուող Սուրբ Քաղաքին 37 տոկոսը պաղեստինցիներ են։ Հոկտեմբեր մէկէն մինչեւ այսօր` բռնութեան նոր ալիք մը սկսած է, որուն հետեւանքով 45 պաղեստինցիներ ու 7 հրեաներ սպաննուած են։ Անցեալ Կիրակի 18 հոկտեմբերին, նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը Ֆրանչիսկոս Պապ  իր խոր մտահոգութիւնը յայտնելով կոչ ուղղած էր ու հաւատացեալներէն խնդրած էր աղօթել ի սպաս Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ընդգծելով թէ ''յոյժ կարիքը կայ քաջութեան եւ հոգեւոր զօրութեան՝ ո´չ ըսելու ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան, եւ իրագործելու խաղաղութեան ձեռքբերումներ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.